2016-02-20 08:51:00

Պապին պատգամը Մեքսիքոյի Յիսուսեաններուն` աշխատեցէք տառապողին արժանաւորութեան ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապ, Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, օգտուելով  Յիսուսեան 6 հայրերու ներկայութենէն Ս﹒ Աթոռի դեսպանատան մէջ, ուզեց հակիրճ պատգամ մը ուղղել իր եղբայրակիցներուն որ ապա հրապարակուեցաւ  ''Vocaciones Jesuitas del Messico''  Youtube-ի կայանին մէջ։

Սրբազան Հայրը իր եղբայրակիցներէն  խնդրեց անխոնջ աշխատանք տանիլ անհատներու արժանաւորութեան համար և ի մասնաւորի տառապողներուն համար։ Ուստի ընդգծեց երիտասարդներու կարեւորութիւնը ու Մեքսիքոյի հոգեւոր ժառանգութիւնը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր եղբայրական ողջոյնը ուղղելէ ետք իր միաբանակից եղբայրներուն  անոնցմէ  խնդրեց որ շարունակեն աշխատիլ արժանաւորութեան համար, ''Յիսուսի արժանաւորութիւնը կը գտնենք Մեքսիքոյի ամէն մէկ այրի ու կնոջ մէջ։ Մեքսիկան երիտասարդ դիմագիծ մը ունի, շարունակեցէք աշխատիլ տառապողներուն ի խնդիր։ Մեքսիքոն կը տառապի'' դառնութեամբ դիտել  տուաւ Սրբազան Հայրը, հաստատելով թէ ''Մեքսիքոն նաեւ հզօր է, գեղեցիկ շատ բան ունի, տէր է ազդու ու տպաւորիչ հարստութեան­, որ եզակի է Լատին Ամերիկայի մէջ։ Սրբազան Հօր համար այս իրականութիւնը անգնահատելի զօրութիւն մըն է։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ ապա նշեց թէ ''կ՛աղօթէ  այս երկրին համար'' հուսկ իր եղբայրակիցներէն խնդրեց  ''որ աշխատին երանելի նահատակ Miguel Augustin Pro-ի դատին համար'' որ եղած է Կուատելուփէի Յիսուսեան մը` որ սպաննուած է 1927ին, հակակաթողիկէ հալածանքներուն ընթացքին, Plutarco Elías Calles հակակղերական վարչաձեւի օրով։

Առաքելական Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին` Յիսուսեան Հայրերը Սրբազան Հօր նուիրեցին նահատակ Յիսուսեանին մասունքները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.